2015-05-26 11:12:00

Ֆրանչիսկոս Պապին սրտբաց զրոյցը` ''La Voz del Pueblo'' օրաթերթին։


(Ռատիօ Վատիկան) Անցեալ օրերուն, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը հարցազրոյց մը ունեցած է, Արժանթինի ''La Voz  del Pueblo'' օրաթերթին հետ, որուն ընթացքին սրտբաց արտայայտուած է իր Քահանայապետի կեանքին հայող իրադարձութիւններուն,մարդոց հետ ունեցած յարաբերութեան, աղքատներուն հանդէպ իր սիրոյն, իրեն առօրեայի զբաղմունքներուն, իր յոյսերուն եւ մտահոգութիւններուն մասին։

Ինչ՞ու միշտ կը կրկնէք ''աղօթեցէք ինծի համար'' հարցումին, Նորին Սրբութիւնը պատասխանեց. ''Որովհետեւ աղօթքի կարիք ունիմ։ Կարիք ունիմ որ ժողովուրդը ինծի թիկունք կանգնի աղօթքով''։ Զրոյցի ընթացքին ապա Սրբազան Հայրը յայտնեց թէ երբեք չէր կրնար երեւակայել թէ օր մը Ինք Քահանայապետ պիտի դառնար եւ թէ երբ ընտրուեցաւ Աստուծոյ վստահեցաւ ամէն ինչ։

Ֆրանչիսկոս Պապը հուսկ յայտնեց թէ ինք հոգեբանական օրէն կարիք ունի մարդոց հետ շփուելու ու իղձ յայտնեց կարենալ համով ''փիցցա'' մը ուտել իտալական ''փիցցայի'' ճաշարանի մը մէջ։

Նորին Սրբութիւնը խօսելով ապա իր առօրեայի մասին յայտնեց թէ հակառակ իր բոլոր գործունէութիւններուն եւ մտահոգութիւններուն օրական 6 ժամ խոր քունի մէջ կը մտնէ եւ թէ առաւօտեան ժամը չորսին կ՛արթննայ ու կը լուծուի իր գործերուն, մատնանշելով թէ կէսօրէ ետք 40 վայրկեան ''սիեսթան'' ալ անհրաժեշտ է եւ թէ այն օրերը որ չի կրնար հանգիստ ընել կը տառապի։ ''Ընդհանրապէս սենեակս կը քաշուիմ երեկոյեան 9-ին, ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապը, ու մինչեւ 10 ընթերցանութեան կը նուիրուիմ, երբ ապա աչքերս արցունքոտելու կը սկսին գիրգը կը փակեմ ու կը քնանամ''։

Իր երկարաշունչ զրոյցի ընթացքին Ֆրանչիսկոս Պապը խօսեցաւ ապա իր ներքին տառապանքի մասին, ի տես չարչարանքի մէջ գտնուող եւ տառապող անձերուն, ինչպէս հիւանդներն ու բանտարկեալները եւ կամ հալածուած քրիստոնեաները։

Քանիցս հրապարակաւ աչքերս արցունքոտեցան – ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապը – բայց ջանացի ինքզինքս զսպել։ Ան ապա ակնարկեց մտահոգութիւններուն եւ անպակաս ճնշումներու մասին ընդգծելով թէ ինք մահուընէ չի վախնար թէեւ ֆիզիկական տառապանքը չի հանդուրժեր, ապա անդրադարձաւ մամուլէն բխած հարցերուն երբ լրագրողները իր մէկ արտայայտութիւնը կամ նախադասութիւնը իրենց ձեւով կը մեկնաբանեն։ Ի վերջոյ պատասխանելով այն հարցումին թէ ինք համարուած է աղքատներուն քահանայապետը, Սրբազան Պապը հաստատեց թէ ''աղքատները աւետարանի կենդրոնն են'' եւ թէ ''Յիսուսի եւս եկաւ աղքատներուն համար'' եւ թէ ''երբ աղքատները վերցնենք Աւետարանէն­, Աւետարանը կը դառնայ անհասկնալի։  Ու երբ լրագրողը հարց կուր տայ թէ ի՞նչպէս կ՛ուզէ յիշուիլ ապագային­, Ֆրանչիսկոս Պապը կը պատասխանէ ''որպէս անձ մը որ իր կարելին ըրաւ բարիք գործելու համար, այլ ձգտումներ չունիմ''։








All the contents on this site are copyrighted ©.